Noticias

Genocidio Armenio

Internacionales

Cultura y sociedad

lunes, 19 de octubre de 2020

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԵՐՈՒ ՀՍԿԱՅ ԳԱՌԱՒԱՆՈՎ ՄԸ ՊԱՀԱՆՋԵՑ ԱՐՑԱԽԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ.

19.10.20

Կիրակի 18 Հոկտեբեր երեկոյեան ժամերուն, Մօնթէվիտէոն ականատեսը եղաւ զանգուածային ինքնաշարժներու գառաւանի մը, պահանջելով խաղաղութիւն Արցախին, խստօրէն դատապարտելով Ազրպէյճանի յարձակողական նկրտումներն ու պատերազմի հրահրումը, Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութեամբ, նաև պահանջելով Արցախի միջազգային ճանաչումը։

Գառաւանը իրականացուց Ուրուկուահայ կազակերպութիւններու միացեալ Յանձնախումբը, որ նախապէս կոչով մը դիմած էր գաղութին զանգուածային մասնակցութիւն ապահովելու համար։ Արձագանգը դրական ընդունելութեան արժանացաւ և գրէթէ 3քմ ինքաշարժներու գառաւանը, դրօշներով, ազգային երգերու սփռումով, քարոզչական լոծունքներով, մայրաքաղաքի ծովեզերեայ շրջաններէն անցաւ։ Հետաքրքրական էր տեղացի ժողովուրդի զօրակցական զգացումը, որ ծափողջոյններով և այլ արտայայտչական միջոցներով իր մասնակցութիւնը բերաւ գառաւանի ամբողջ շրջաքայութեան ընթացքին։

Վերջաւորութեան, թէ հսկայ ինքնաշարժերու զանգուածը և թէ հաւաքուած ժողովուրդը կանգ առին, Մօնթէիտէոյի ամենէ բանուկ ծովեզերեայ գեղեցիկ անկիւններէն մէկուն մէջ, ուր նախ հնչեց Հաաստանի օրհներգը, ապա կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով Մելանի Տէմիրճեանը յայտարարութիւն մը ընթերցեց, խստրէն  դատապարտելով Ազրպէյճանի և Թուրքիոյ յարձակողական և անգութ վարմունքը Արցախի և Հայաստանի խաղաղ բակչութիւնը թիրախաւորելով, ինչպէս նաև երկու անգամ հրադադարը խաղդելով։ Մելանի Տէմիրճեանը յիշեցուց Ուրուկուայի պետութեան սկզբունքային դիրքորոշումը, մարդու արդար իրաւունքի կապակցութեամբ, ինչպէս նաև ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի մասին, յոյս յայտնելով որ Ուրուկուայը Արցախի միջազգային ճանաչումի մէջ հանդիսանայ առաջիններէն մին։ 


Designed By Blogger Templates